2013-12-11 12:05:38

Կոչ աջակցելու` Քարիդասի անօթութեան դէմ արշաւին:


Չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը կոչ մը ուղղեց աջակցելու Քարիդասի կողմէ, անօթութեան դէմ ձեռնարկուած արշաւին ըսելով '' երէկ Քարիդասը անօթութեան դէմ համաշխարհային արշաւ մը սկսաւ, որուն բանաբանն է ''մէկ մարդկային ընտանիք, սնունդ բոլորին համար''։ Միլիոնաւոր անհատներու սովութեան գայթակղութիւնը պէտք չէ մեզ անդամալուծութեան մատնէ, այլ մեզ բոլորս` անհատներ, ընտանիքներ, հասարակութիւններ, իշխանութիւն եւ պետութիւններ, մղէ աշխատելու կասեցնելու համար այս անարդարութիւնը ։
Սրբազան Հայրը ապա կոչին մէջ ըսաւ ''Յիսուսի Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ ուղին` վստահիլ Աստուծոյ հօր նախախնամութեան եւ առօրեայ հացը բաժնեկցիլ առանց մսխումի''։ Ան ապա կոչը եզրափակեց քաջալերելով Քարիդասը յառաջ տանելու այս յանձնառումը եւ բոլորը հրաւիրելով ''աջակցելու այս զօրակցութեան ալիքին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.